Արամ Ա կաթողիկոսն ու Սերգեյ Ստեպաշինը քննարկել են հայ-ռուսական հարաբերությունները
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա կաթողիկոսն ընդունեց Ռուսաստանի նախկին վարչապետ Սերգեյ Ստեպաշինին․
Այսօր՝ Կիրակի, 1 Նոյեմբեր 2026-ի յետ միջօրէին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց յատուկ առաքելութեամբ եւ կարճատեւ այցելութեամբ Լիբանան գտնուող Ռուսիոյ նախկին վարչապետ Սէրկէյ Վատիմովիչ Սթէփաշինը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովի եւ նախկին վարչապետին անմիջական օգնականին։
Յայտնենք, որ Ռուսիոյ նախկին վարչապետը նախապէս յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցած էր Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին հետ։
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւններու ներկայ կացութեան, հայ եւ ռուս եկեղեցիներու պատմական կապերուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի, Սուրիոյ եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի մէջ Ռուսիոյ ներկայութեան ու դերակատարութեան։
Արծարծուած հարցերուն առնչութեամբ Վեհափառ Հայրապետը պարզեց իր տեսակէտներն ու մտահոգութիւնները։ Այս առիթով Նորին Սրբութիւնը յիշեց նաեւ Ռուսիոյ Քիրիլ Պատրիարքին հետ տասնամեակներու վրայ երկարող իր սերտ բարեկամութիւնը։
