Թող խաղաղություն լինի․ հանդիպել են Արամ Ա-ն ու Լիբանանի նախագահը
Արամ Ա Վեհափառը այցելել է Լիբանանի Հանրապետության նախագահ Ժոզեֆ Աունին։ Հայտնում են Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոսությունից․
«Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Լիբանան Հանրապետութեան նախագահ Զօրավար Ժոզէֆ Աունի, այս առաւօտ` Ուրբաթ, 19 Դեկտեմբեր 2025֊ին։ Աւելի քան ժամ մը հանդիպում կայացաւ Նորին Սրբութեան եւ նախագահին միջեւ, ներկայութեամբ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեանի։
Վեհափառ Հայրապետը նախագահին ուշադրութեան յանձնեց կարգ մը հարցեր՝ Լիբանանի հայ ուղղափառ համայնքին առնչուած, ապա անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան։ Այս ծիրէն ներս, Հայրապետը ընդհանուր գիծերով պարզեց վերջին ամիսներուն օտար երկիրներու պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ իր ունեցած հանդիպումներուն եւ զրոյցներուն արդիւնքը, յատկապէս Լիբանանի ու Միջին Արեւելքի առնչուած։ Ան ողջունեց նախագահին ու կառավարութեան առաջնորդութեամբ երկիրէն ներս տիրող ապահովութիւնն ու տնտեսութեան հետզհետէ դրական զարգացումը եւ խստօրէն դատապարտեց Իսրայէլի կողմէ շարունակուող յարձակումները։
Նախագահ Աուն ողջունելով Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւնը՝ գնահատանքով անդրադարձաւ զանազան բնագաւառներու մէջ Լիբանանի հայ համայնքին ունեցած ներդրումին եւ բարձր գնահատեց դոկտ. Նորա Պայրագտարեանի կարեւոր նպաստը՝ թէ՛ անոր ստանձնած նախարարութեան եւ թէ՛ ընդհանրապէս կառավարութեան աշխատանքներուն մէջ։ Ապա, նախագահը պարզեց հարաւային Լիբանանի ապահովական կացութեան եւ, իր կարգին, խստօրէն քննադատեց Իսրայէլի շարունակուող յարձակումները։ Նախագահ Աուն շեշտեց, թէ տնտեսական մարզէն ներս դրական քայլերը պիտի շարունակուին յառաջիկայ ամիսներուն։
Աւարտին, Նորին Սուրբ Օծութիւնն ու նախագահը, նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով, շնորհաւորանքներ փոխանակեցին՝ մաղթելով, որ բացուող նոր տարին նոր բարիքներ ու խաղաղութիւն բերէ Լիբանանին ու ամբողջ աշխարհին»։
