Սուրբ Ծննդյան տոների առիթով Արամ Ա–ն այցելել է Մեծի Տանն Կիլիկիո կաթողիկոսության հովանու ներքո գործող հաստատություններ | Region

Սուրբ Ծննդյան տոների առիթով Արամ Ա–ն այցելել է Մեծի Տանն Կիլիկիո կաթողիկոսության հովանու ներքո գործող հաստատություններ

Դեկտեմբեր 24,2025 13:50

Աւանդութիւն է, որ նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիսութեան հովանին վայելող հաստատութիւնները: Այս ծիրին մէջ, Ազունիէի ազգային բուժարանի այցելութիւնը իւրայատուկ է, որովհետեւ անիկա հայրապետական ըլլալուն զուգահեռ նաե՛ւ հայրական է։ Վեհափառ Հայրապետը ազգային բուժարանին մէջ ո՛չ միայն պատասխանատու մարմիններուն հետ կը տեսակցի, այլ նաեւ մտերմիկ ժամանակ կ՚անցընէ բուժարանի բնակիչներուն հետ, որոնք առիթը կը վերածեն Հայրապետին հետ հայկական մշակոյթը ապրելու անմոռանալի պահի՝ երգերով, արտասանութիւններով ու աղօթքներով:

Արդարեւ, Երեքշաբթի, 23 Դեկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան, Արամ Ա. Հայրապետը, խումբ մը միաբան հայրերու ընկերակցութեամբ, այցելեց բուժարան, ուր դիմաւորուեցաւ տնօրէն Տաճատ Սրապեանի, խնամակալութեան ատենապետ Յակոբ Լատոյեանի եւ հոգաբարձութեան ու տիկնաց յանձնախումբի անդամներուն կողմէ։

Նորին Սուրբ Օծութիւնը իր օրհնութեան խօսքը ուղղելով՝ առաջին հերթին գնահատեց հոն տարուող առաքելութիւնը՝ յիշեցնելով, որ, ինչպէս հաստատութեան անունը կը յուշէ, ազգային տուն է բուժարանը եւ կը պատկանի ազգին, ուստի անոր բնակիչներուն հոգատարութիւնը կը տարուի ազգին կողմէ: Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ խրախուսեց մեր մամիկներն ու պապիկները, որպէսզի մնան ամուր ու կորովալի՝ ընդգծելով, որ անոնք առանձին չեն, այլ մենք՝ բոլորս անոնց կողքին ենք: Վերջապէս, Նորին Սրբութիւնը աղօթեց, որ Աստուած քաջառողջութիւն ու խաղաղութիւն պարգեւէ անոնց։

Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ, Սուրբ Ծննդեան տնօրհնէք կատարուեցաւ՝ ներկաներուն մասնակցութեամբ։

Նորություններ