Պատմութեան ի՜նչ ահաւոր խեղաթիւրում մեր աչքերուն դիմաց. Արամ Ա-ն արձագանքում է Բաքվի կեղծիքներին
Մեծի Տանն Կիլիկիո կաթողիկոս Արամ Առաջինը հայտարարություն է տարածել.
Խոր ցաւով ու ընդվզումով դիտեցինք ընկերային ցանցերը ողողած այս տեսերիզները (video-ները)։ Հայաստանի «բարեկամները» կը պարեն Շուշիի մէջ եւ «հիացումով» կը դիտեն ու կը լսեն՝ մեր սուրբերու աղօթքով, նահատակներու արիւնով ու ժողովուրդին ստեղծագործ ոգիով դարերու ընթացքին կանգնած մեր եկեղեցիները ու պատմա-մշակութային կոթողները որպէս Ալպանական կառոյցներ։ Պատմութեան ի՜նչ ահաւոր խեղաթիւրում մեր աչքերուն դիմաց…։
Արդարեւ, ընդվզեցուցիչ երեւոյթ մը, որ հետեւանք է մեր անմիաբանութեան ու անհեռատես քաղաքականութեան։ Ցաւալի երեւոյթ մը, որ մեզ պէտք է մղէ ինքնագիտակցութեան եւ համախմբուելու մեր հայրենիքին ու ազգին գերագոյն ու ընդհանրական արժէքներուն, շահերուն ու իտէալներուն շուրջ։
Կը յուսանք ու կ՚աղօթենք, որ «իրական» Հայաստանէն մասեր Շուշիի ճակատագրին չենթարկուին՝ խաղաղութեան կեղծ շպարի ետին…։
