Կենսական կարևորություն է պահպանել քրիստոնեությունը՝ ամուր ու կազմակերպ․ Արամ Ա․ Հայրապետ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հունաստանի փոխարտգործնախարարին, հայտնում են Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոսությունից։
Այս առաւօտ, Շաբաթ, 12 Յուլիս 2025-ին, Լիբանան կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի արտաքին գոծոց փոխ նախարար Եանիս Լովէրտոս։ Հանդիպումին ներկայ էին Լիբանանի մօտ Յունաստանի դեսպան Տեսփինա Քուքուլոփուլու, դեսպանատան քաղաքական հարցերու պատասխանատուն եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Գեղամ Արքեպիսկոպոս Խաչերեան։
Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս Յունաստանի ու Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Լիբանանի ու Սուրիոյ հետ յարաբերութեանց առնչուած հարցեր, որոնց գծով փոխ նախարարը պարզեց Յունաստանի տեսակէտները, միշտ շեշտելով քրիստոնեայ համայնքներուն նկատմամբ Յունաստանի յատուկ զօրակցութիւնը։
Վեհափառ Հայրապետը, իր կարգին, գնահատելով Յունաստանի պետութեան հետզհետէ նոր ծաւալ ստացող գործակցութիւնը միջին արեւելեան երկիրներուն հետ, ինչպէս նաեւ անոր զօրակցութիւնը յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներուն, շեշտեց շրջանէն ներս քրիստոնէութեան ամուր ու կազմակերպ պահպանման կենսական կարեւորութիւնը՝ կրօնական, քաղաքական ու մշակութային առումով մասնաւորաբար։
Յայտնենք, որ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը շուրջ երկու ամիս առաջ Յունաստան կատարած իր հովուապետական ու պաշտօնական այցելութեան ընթացքին հանդիպում ունեցած էր վարչապետին, Յունաստանի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետին եւ պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ։