Վա՜յ այն ազգին, որ հավատարիմ չէ իր արյունով ու աղոթքով կերտված պատմական խորհրդանիշներին․ Արամ Ա
Անթիլիսայի մայրավանքում տոնել են Սրբոց Վարդանանց զորավարների և 1036 վկաների հիշատակության օրը։ Այդ մասին հայտնում են Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոսարանից։
Հայոց պատմութեան դարաւոր անցեալը վասն հաւատոյ եւ հայրենեաց մղուած խիզախ օրինակներով լեցուն անցեալ մըն է։ Որքան ալ տարիներու թաւալումով հեռանանք հայրենասիրութեան եւ արիութեան թարգման հանդիսացող վաղ անցեալի դէպքերէն, նոյնքան կը զգանք պէտքը մօտենալու անոնց պատգամին՝ կարենալ կերտելու համար արդի մեր պատմութեան նոր յաղթանակները։ Այսպէս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս Սրբոց Վարդանանց տօնը կը նշենք ամէն տարի՝ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի մատուցմամբ եւ Դպրեվանքի սաներուն կազմակերպութեամբ կոկիկ գեղարուեստական յայտագիրով՝ կենդանի պահելու համար վարդանաշունչ սուրբ կտակը։
Արդարեւ, Հինգշաբթի, 8 Փետրուար 2024-ի առաւօտուն, Կաթողիկոսանիստ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ, մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ լուսարարապետ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեանի, որ յաւուր պատշաճի իր քարոզին մէջ հաւատացեալներուն փոխանցեց Վարդանանց ոգին։ Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ հակիրճ տողերով ներկայացուց այն միջավայրը, ուրկէ ծնած էր Վարդան Մամիկոնեան. ի դէպ, ըլլալով թոռը նոյն Սահակ Պարթեւ Հայրապետին, որ գիրերու գիւտին իր անսակարկ ներդրումով հայկական ինքնութեան պահպանման ռահվիրաներէն է, Վարդան Մամիկոնեան Աւարայրի ճակատամարտը կը մղէր մեկնելով հայ եկեղեւոյ կրօնական եւ մշակութային զարթօնքի սերունդի դաստիարակութենէն։ Քարոզիչ սրբազանը ընդգծեց, որ Վարդանանց ճակատարմարտը հայոց պատմութեան կարեւորագոյն դասն է եւ հայ եկեղեցին Վարդանանք ու Ղեւոնդեանք հերոսներուն անունները արձանագրեց իր տօնացոյցին մէջ եւ զանոնք միացուց մեր եկեղեցական արարողութեանց աղօթասացութիւններուն ու սաղմոսասացութիւններուն։ Վերջապէս, Կոմիտաս Արք. ցաւ յայտնեց ի տես այն հայորդիներուն, որոնք հեռու են Վարդանանց ու Ղեւոնդեանց շունչէն ու ոգիէն եւ բոլորին պարտքը համարեց զանոնք վերադարձնելու հայկական ակունքներուն։
Յաւարտ Ս. Պատարագին, Հայրապետական թափօրի առաջնորդութեամբ, հաւատացեալները ուղղուեցան Վեհարանի դահլիճ, ուր Դպրեվանքի սաներն ու ներկաները միասնաբար վարդանաշունչ շարք մը երգեր երգեցին։ Հուսկ, Արամ Ա. Կաթողիկոս փոխանցեց իր Հայրապետական պատգամը։
Վեհափառ Հայրապետը մեր կեանքղէն ներս դիտել տուաւ ազգային խորհրդանիշներու անհրաժեշտութիւնը՝ ընդգծելով, որ անոնք ազգի մը գոյատեւման երաշխիքը եւ պատմութեան ահաւոր փոթորիկներուն դիմաց յոյս ներշնչողը։ «Վա՜յ այն ազգին, որ չունի խորհրդանիշ։ Վա՜յ այն ազգին, որ հաւատարիմ չէ իր պապերուն խորհրդանիշներուն», ըսաւ ան՝ զգուշացնելով, որ, դժբախտաբար, այսօր հայ ազգը, Հայրենիքին թէ Սփիւռքին մէջ, սկսած է կամաց-կամաց հեռանալ իր պապերուն արիւնով ու աղօթքով կերտուած խորհրդանիշներէն. «այսօր Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ, մեր պատմութենէն ժառանգուած խորհրդանիշները՝ կրօնական, բարոյական, մշակութային թէ ազգային, սկսած են բովանդակութիւն եւ իմաստ փոխել՝ այլասերիչ եւ ապազգային մտածումներու ու մօտեցումներու դիմաց։ Ցաւալի է այս երեւոյթը եւ անընդունելի», յայտնեց Հայրապետը։
Անդրադառնալով Ղեւոնդ Երէց եւ Վարդան Մամիկոնեան ազգային հերոսներուն ու խորհրդանիշներուն՝ Նորին Ս. Օծութիւնը ըսաւ, որ անոնք հաւատք-հայրենիք-կրօնք անքակտելի միասնութեան եւ հայրենիքի շահերը ամէն բանէ վեր դասելու ազգային յանձնառութեան ապացոյցներն են, որոնք ո՛չ միայն 5-րդ դարուն կը պատկանին, այլեւ իրենց նահատակութեամբ արժեւորեցին ամբողջ հայոց պատմութիւնը։ Վերջապէս, խօսքը ուղղելով Դպրեվանքի սաներուն՝ Արամ Ա. Կաթողիկոս թելադրեց անոնց հաւատարիմ ըլլալ Վարդանանց ու Ղեւոնդեանց պատգամին՝ մանաւանդ ներկայ օրերուն, եւ անոնց յիշատակը կենդանի պահել՝ իրենց կեանքը շաղախելով անոնց հաւատքով ու հայրենասիրութեամբ։
Վարդանանց յիշատակութիւնը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» մաղթերգով ու Հայրապետին «Պահպանիչ» աղօթքով։