Հայաշատ Քեսաբը հրդեհի մեջ է

Քեսաբը դարձյալ շրջապատված է աննախատեսելի հրդեհով։ Այս մասին հայտնում է Cilicia TV-ն։
Շուրջ ամիս մը առաջ, մեծ հրդեհի վտանգին ենթակայ էր Քեսապը: Այդ օրերուն հրդեհը Քեսապի դռներուն մօտ էր. սակայն այս անգամ անզսպելի հրդեհը մուտք գործած է Քեսապ: Էքիզոլուխը, Տիւզաղաճն ու Էսքիւրանը ուղղակի հրդեհի մէջ են: Մեծ թիւով հայ ընտանիքներ արդէն իսկ հեռացած են իրենց տուներէն: Պետական սահմանափակ միջոցները կարող չեն զսպելու ահաւոր հրդեհին տարածումը: Կը յուսանք, որ օտար երկիրներ անմիջապէս օգնութեան հասնին՝ հակակշիռի տակ առնելու հրդեհին առաւել ծաւալումը:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս մնայուն կապի մէջ է Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Հոգեշնորհ Տ. Եսային Վրդ. Էօրտէքեանի եւ այլ պատասխանատուներու հետ: Յայտնենք, որ Աստուածածնայ տօնին առիթով Սուրիոյ զանազան շրջաններէն ուխտաւորներ հաւաքուած են Քեսապ՝ գլխաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մակար Արք. Աշգարեանի: Քեսապի հոգեւոր տեսուչ հայր սուրբին վկայութեամբ, ժողովուրդին տուները կը պայթին՝ կազի շիշերու եւ արտերուն մէջ զետեղուած ականներուն պատճառով:
Կոչ ուղղենք մեր զօրակցութիւնը յայտնելու քեսապահայութեան, ինչպէս նաեւ աղօթելու, որ կարելի փութով հրդեհին առաջքը առնուի:
Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Հոգեշնորհ Տ. Եսայի Վրդ. Էօրտէքեան ներկայացնում է իրավիճակը։