ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ողջունել է Արդարադատության Միջազգային դատարանի որոշումը
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը հաղորդագրություն է տարածել․
«ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը կ՛ողջունէ Լա Հէյի Արդարադատութեան միջազգային դատարանին կողմէ «Հայաստանը ընդդէմ Ազրպէյճանի» գործի ծիրին մէջ Պաքուի ներկայացուցած բոլոր նախնական առարկութիւններուն մերժումն ու Հայաստանի երկու առարկութիւններուն բաւարարումը:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը սեպտեմբեր 2021-ին նախաձեռնած էր Ազրպէյճանի դէմ դատական հայցի` վերջինիս կողմէ Ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման մասին միջազգային հռչակագիրի խախտումներու վերաբերեալ:
Երեւան իր դիմումին մէջ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան դատարանէն պահանջած էր ճանչնալ Ազրպէյճանի` հայերուն նկատմամբ խտրական վերաբերմունքը, ներառեալ սպանութիւնները, խոշտանգումները, անմարդկային վերաբերմունքը եւ հատուցել պատճառած վնասը: Ազրպէյճան իր կարգին հակընդդէմ հայց ներկայացուցած էր Հայաստանի դէմ»: