Սնունդի տագնապ չկայ, սակայն քաղաքը սառած վիճակի մէջ է․«Գանձասար» | Region

Սնունդի տագնապ չկայ, սակայն քաղաքը սառած վիճակի մէջ է․«Գանձասար»

Հունվար 08,2026 21:16

«Գանձասար» հալէպահայ թերթ. Հինգշաբթի, 8 Յունուարի վաղ առաւօտեան, Հալէպի մէջ տեղի ունեցող  բախումներուն հետեւանքով Շէյխ Թահա եւ Վիլլաներ հայաբնակ շրջաններուն մէջ հրասանդերու պայթումով նիւթական վնասներ արձանագրուած են։

Վիրաւորներ չկան, վնասները միայն նիւթական են։

Ներկայիս Հալէպի մէջ բուռն բախումներ տեղի կ՚ունենան Սուրիական բանակին եւ Սուրիոյ ժողովրդավարական Ուժերու Հալէպի ներքին ապահովական միաւորներուն միջեւ։ Ռումբեր կը տեղան ու կրակոցներ կը լսուին ամէն կողմ։

Սննդամթերմի վաճառատուները, փուռերն ու հիւանդանոց-դարմանատուները բաց են։ Փակ են բոլոր դպրոցներն ու համալսարանները։ Սնունդի տագնապ չկայ, սակայն քաղաքը սառած վիճակի մէջ է։

Բանակը առիթ տուաւ Շէյխ Մաքսուտի եւ Աշրաֆիէի բնակչութեան դուրս ելլելու այդ շրջաններէն, որմէ ետք պարետային ժամ յայտարարեց այդ շրջաններուն համար։ Կ՚ակնկալուի բախումներու սրացում։ Ազգ. Առաջնորդարանը բախումնային շրջաններուն կից գտնուող հայերուն համար տրամադրեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ներքնասրահը որպէս ապաստան։

Թուրքիոյ համար մտահոգութիւն է քիւրտերու ուժեղացումը Սուրիոյ մէջ, բնականաբար պիտի նպաստէ, որ ճնշում բանեցուի յատկապէս Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն  (SDF) վրայ։ Այդուամենայնիւ այս տագնապը սուրիական ներքին հարց է, որ պէտք է կողմերուն միջեւ բանակցութեամբ լուծուի։

 

Նորություններ